
Ներածական
Վերջին տարիներուն եւ յատկապէս վերջին ամիսներուն` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց Հայ Եկեղեցւոյ շրջանակներուն մէջ կարծարծուի Ս. Պատարագը անգլերէն լեզուով մատուցանելու հարցը: Վերջին շրջանին խնդիրը ստացած է լուրջ կերպարանք. թեր ու դէմ կարծիքներ` նամակով կամ յօդուածներով կը յայտնուին եւ անուանացանկեր կը հրատարակուին ի նպաստ այս կամ այն տեսակէտին: Եթէ այսպէս շարունակուի պայքարը, ես վախ ունիմ որ Արեւելեան թեմի մէջ երկպառակտում կրնայ ստեղծուիլ, որու հետեւանքները աննախատեսելի վնասներ կարող են պատճառել: Ուրեմն անհրաժեշտ է օր առաջ հարցը բարձրագոյն իշխանութեան միջոցաւ եզրակացութեան մը եւ եզրափակման բերել, որպէսզի ապագային չդատապարտուինք Պատմութեան Դատաստանի առջեւ: