Բազմերանգ սփիւռքի ինքնուրոյն ազգային քաղաքականութեան ի խնդիր
«ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ» ԵՒ ԱԶԳԻ ԶՈՅԳ ԹԵՒԵՐ
Պատմութեան դժբախտ պարտադրանք, հայ ազգը կը գոյատեւէ երկու թեւերով, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք: Զգացական հայրենասիրութիւնը, որ ինքզինք շնչահեղձ կ՛ընէ բարեսիրութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ, մեր բոլորի մեղսակցութեամբ, ցարդ թոյլ չտուավ «ղեկավարութիւններ» ու մակարդակին այս խնդիրը քննել, առանց աչքի կապանքներու, նեղլիկ շահախնդրութիւններու, պատահական եւ պատեհապաշտներու կարծիքներու: Միակ նախադրեալը, երեւութապէս հասկնալի եւ ընդունելի համարուողը «հայ ազգ» հասկացողութիւնն է, թէեւ, եթե պեղենք, կը տեսնենք որ անոր մէջ ոչ նոյն բանը կը դնենք ոչ նոյն բանը կը տեսնենք: