ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Վերջերս յաճախ կը գրուի արեւմտահայերէնի նահանջի մասին: Այս յօդուածով չեմ ուզեր Շահնուր «հոտիլ», բայց նահանջը առկայ է ամէն քայլափոխի: Ցեղասպանութենէն ետք մեր մեծագոյն մարտահրաւէրը եղաւ մեծնալ հայ, մնալ հայ. եւ քանի որ Արեւմտեան Հայաստանը ա՛լ անցած էր պատմութեան, մեր մտաւորական թէ ղեկավար մարմինները ամէն ճիգ թափեցին պահպանելու լեզուն իր ամէնէն մաքուր եւ ջինջ երանգներով: Այս բոլորին մէջ մեծ դեր խաղաց մամուլը, որ սրբութեան նման մտաւ տարագիր բոլոր ընտանեկան յարկերէն ներս: Այսօր հաւաքականօրէն երկու դժբախտութեանց առջեւ կը գտնուինք: Նախ այն, որ օտար բառեր փոխարինած են հայերէնը շատ մը պարագաներու, հակառակ անոր որ սփիւռքի արեւմտահայ մամուլը հայաստանեան մամուլին չափ տակաւին չէ այլասերած, երկրորդ` մամուլը փոխարինուած է համակարգչային լուրերով, ուր հայ տարեցը առհասարակ չ՛այցելեր, իսկ երիտասարդն ալ կը բաւարարուի օտար աղբիւրներ կարդալով: Հայ մամուլը լուրերու աղբիւր մը չէր միայն, այլ «ուսուցիչ» էր: Այսօր մամուլը առհասարակ, դժբախտաբար, ուրիշ իրականութիւն մը կը պարզէ: Արեւմտահայերէնի դասաւանդումը մնացած է հայկական վարժարաններու ուսերուն: Դժբախտաբար հոն ալ որակաւոր ուսուցիչի պակասը կայ, իսկ շատեր ալ զոհ կը դառնան առեւտրական հաշիւներու, քանի որ դպրոցը այդ հնոցը չէ ալ, այլ դարձած է նիւթապաշտ մարդոց քմահաճոյքին առարկան: Արեւմտեան այս ափերուն հայ ուսուցիչին հետ կը վարուինք` իբրեւ տան գետինը փռուած գորգի մը. կը կոխկռտենք վրան ու կ՛անցնինք` մոռնալով տարիներու անոր վաստակն ու նուիրումը: Դարձեա՛լ Շահնուրի խօսքերով` «Մեղայ Արարատին»: Շարունակությունը