Այս շաբաթ մտային կարիքներս գոհացնող յօդուած կարդացած չէի, ուստի խոր անբաւարարութեան զգացումով ալ անցընելու վրայ էի օրերս: Չեմ ըսեր, անշուշտ, թէ չկար նման յօդուած, այլ պարզապէս ինծի չէրհանդիպած այդպիսին:
Բայց ահա շաբաթավերջին,– ուր հիմա նստած կը գրեմ,– ինծի պահ մը թուեցաւ՝ ի դէմս դոկտ. ՀրանդՄարգարեանի «Բարի ճանապարհ, գիրքե՛ր, ճանապա՛րհ բարի» յօդուածին («Հայերն այսօր», 13 մարտ 2018), որ դէմ-յանդիման կը գտնուիմ այդ ինծի պակսող գրութեան: Շարունակությունը