Ոչ միայն հայրենադարձութիւն, այլեւ հայկական ՈՐԵՒԷ բան չի կրնար ըլլալ հայոց լեզուի վայրագ կոտորածով

Երեւան, 7 Սեպտեմբեր 2013[1]

«Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան,

Լիբանանահայ մամուլին եւ առհասարակ մամուլին կը հետեւիմ անոնց թղթային տարբերակներով: «Յետամնաց» ըլլալով, նոյն նիւթերուն ընթերցումը Համացանցով` ուղեղս նոյն տարողութեամբ չ’ընկալեր:

Երէկ Պէյրութէն ստացայ լիբանանահայ մամուլի վերջին օրերու թիւերը: Քիչ առաջ սկսայ զանոնք աչքէ անցընել, իսկ կարեւոր նկատածս գրութիւնները` ծայրէ ծայր ընթերցել: «Ազդակ»ի 31 Օգոոտոսի թիւի 10-րդ էջին վարի ձախ կողմը յանկարծ աչքիս զարկաւ անգլերէն ծանուցում-յայտարարութիւն մը` «Imagine Armenia»  վերնագիրին տակ: Նախ` ընդվզեցայ, քանի որ ՍԿԶԲՈՒՆՔՈՎ անընդունելի է հայ ընթերցողներու ուղղուած հայերէն թերթի մը մէջ ամբողջութեամբ օտարալեզու նիւթերու զետեղումը: Որոշ վերապահութեամբ կ’ընդունիմ միայն արաբերէններու հրապարակումը լիբանանահայ մամուլին մէջ` իբրեւ Լիբանանի պետական լեզու, իսկ մենք, իբրեւ այդ պետութեան քաղաքացիներ, պարտաւոր ենք յարգել Լիբանանի օրէնքները, ներառեալ` պետական լեզուն:

Վերնագիրն հետաքրքրական գտնելով` սկսայ կարդալ: Ծանուցում-յայտարարութեան ընթերցմանս ընթացքին ընդվզումս հետզհետէ վերածուեցաւ կատաղութեան, այնուհետեւ` անսանձ ցասման: Արդարեւ, այդ նիւթը կը վերաբերէր հայրենադարձութեան ծրագիրի մը եւ այդ ծրագիրին շուրջ Հ. Մ. Ը. Մ.-ի «Աղբալեան» ակումբին մէջ 1 Սեպտեմբերին կայանալիք հանդիպման մը երեք հայազգի անհատներու հետ, որոնցմէ Վարդան Մարաշլեանը մինչեւ վերջերս կը զբաղցնէր Հ. Հ.ի Սփիւռքի նախարարի տեղակալի պաշտօնը:

Ամօթ «Ազդակ»ին, Հ. Հ.ի պետական եւ հայոց ազգային ՄԻԱԿ լեզուն անարգած Վարդան Մարաշլեանին եւ միւսներուն` հայոց լեզուն այսպէս գազանաբար յօշոտելու փաստին համար: Ոչ միայն հայրենադարձութիւն, այլեւ հայկական ՈՐԵՒԷ բան չի կրնար ըլլալ հայոց լեզուի վայրագ կոտորածով:

Կը դիմեմ «Ազդակ»ի խմբագրութեան` այս պղծութիւնը հրատարակելու վերաբերեալ բացատրութիւն եւ հրապարակային ներողութիւն ներկայացնելու, նաեւ` այսուհետ նման բան թոյլ չտալու հրապարակային երդման պահանջով:

Նաեւ կը դիմեմ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան շարժման յառաջամարտիկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. շնորհազարդ Վեհափառ Հայրապետին եւ բոլոր հայ մտաւորականներուն, մասնաւորաբար` հայոց լեզուի իրաւունքներու հետեւողական պաշտպան, «Ազդակ»ի մշտական հրապարակագիր, յարգարժան Յակոբ Պալեանին` հրապարակաւ ներկայացնելու իրենց կարծիքը սոյն, ամենամեղմ բնորոշումով` անամօթ փաստի առթիւ:

Գէորգ Եազըճեան

Յ. Գ. Այս գրութիւնը պիտի տարածեմ նաեւ համացանցով: Ստացողներէն կը խնդրեմ, որ, իրենց կարգին, տարածեն զայն, որպէսզի ի վերջոյ հասկնանք, թէ կարելի չէ այսպէս թրքավայել ձեւով բռնաբարել հայոց լեզուն` հայկական միջավայրին մէջ, նաեւ պէտք է հասկնանք, որ կարելի չէ մէկ կողմէ տպագրել հայոց լեզուն ու անոր ազգակերտիչ ու ազգապահպան դերը շեշտող հրաշալի նիւթեր, միւս կողմէ` նոյն այդ լեզուն բռնաբարող զանազան աղտեղութիւններ…


[1] Սոյն գրությունը հեղինակելէս անմիջապէս յետոյ, ղրկեցի «Ազդակ»ի խմբագութեան եւ շուրջ 20 հասցէներով:

Գրառումը կատարվել է Գերատեսչություններ և կազմակերպություններ, Գովազդ, Խախտումներ, Սփյուռք բաժնում։ Էջանշեք այս հղումը.