
Ուշադրութեամբ երկու անգամ լսեցի երէկ քու տուած մամուլի ասուլիսդ Երեւանի մէջ: Մանրամասնօրէն պիտի չանդրադառնամ անոր մէջ հնչած քանի մը բացայայտ խեղաթիւրումներուն, ինչպէս
— Հ. Բ. Ը. Մ.ի եկամուտներուն պակսիլը կը բացատրես աշխարհի տնտեսական կացութեամբ, մասնաւորաբար՝ տոկոսներու ցածր չափերով, քար մըն ալ կը նետես բարերարներուն պարտէզը, փոխանակ ինքնաքննադատութիւն կատարելով եզրակացնելու, թէ բարերարները վերջին տարիներուն չեն փափաքիր գումարներ կամ ունեցուածք նուիրել կամ կտակել Հ. Բ. Ը. Մ.ին, քանի որ քու ղեկավարած կառոյցի Կեդրոնական Վարչական Ժողով ըսուածը ԿՈՊՏՕՐԷՆ ԿԸ ԽԱԽՏԷ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԿԱՄՔԸ, ինչպէս օրինակ, Մելգոնեան եղբայրներուն կտակը: Բարերարներու կամքը չկատարելու բարոյական թէ իրաւական որեւէ իրաւունք չունի՛ս դուն, իբրեւ թէ իրաւաբանդ, եւ քու 16 ԿՎԺական 16 ընկերներդ, որոնցմէ երկուքը քովդ նստած, գլուխները կը շարժէին ի նշան քու նետած եւ … չբռնածներուդ հաւանութեան:
— Կը խօսիս Հ. Հ.ի մէջ արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայութեան կեդրոն մը հիմնելու մասին, անամօթաբար լռութեան մատնելով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը քու եւ ընկերներուդ կողմէ 10 տարի առաջ դաւադրաբար փակելու յաւերժ անարգանքի արժանի քայլը: Եթէ այսօր սփիւռքի մէջ աւելի՛ սրած է խմբագիրի, հայագիտական առարկաներու ուսուցիչի, տնօրէնի, հասարակական գործիչի եւ յարակից մարզերու աշխատողներու կարիքը, ատոր գլխաւոր մեղաւորներէն մէկը դուն եւ (չ)անմահն 16-ն են, որոնք համարձակեցան Կիպրոսի թրքական գրաւման օրերուն իսկ գործած Մ. Կ. Հ.ի դուռերը գոցել:
— Պիտի չխօսիմ նաեւ խօսքիդ մէջ հայերէն համարժէքներ ունեցող օտար բառերու առատութեան, անգլերէնի առոգանութեան եւ լեզուամտածողութեան ուրիշ տարրերու առկայութեան, համաշխարհայնացումը մեր ազգին համար շատ դրական երեւոյթ գնահատելու, Հայ Եկեղեցին համահայկական ՄԻԱԿ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ նկատելու յայտարարութեանդ (իսկ ո՞ւր մնացին միւս համահայկական կառոյցները, այդ թիւին՝ քու իսկ ղեկավարել յաւակնած Հ. Բ. Ը. Մ.ը…, արդեօք սկսած ես մոռացկոտութենէ՞ ալ տառապիլ) եւ նման բաներու մասին, որոնք պատիւ չեն բերեր Հ. Բ. Ը. Մ.ի վարկին, որը բարձրացնելու եւ ոչ թէ իջեցնելու կոչուած պէտք է ըլլաս դուն եւ 16 (չ)անմահները:
Այս բոլորը՝ ի միջի այլոց:
Գրութեանս հեղինակման բուն շարժառիթը ելոյթիդ մէջ հնչած՝ հայոց հայրենիքը ԿՐՏԵԼՈՒ մասին քու արտայայտութիւնդ էր: Դո՛ւն, Սեդրակեա՛ն Պերճ, կը հասկնա՞ս, թէ ի՞նչ կը նշանակէ կրտել: Դուն շա՜տ, չափազա՛նց շատ փոքր ես հայոց հայրենիքը կրտելու համար: Թալէաթներն ու էնվերները չկրցան կրտել հայոց հայրենիքը, դո՞ւն պիտի փորձես նոյնը ընել: Անշուշտ, այստեղ ի ցոյց աշխարհի ցոյց տուիր հայերէնի իմացութեանդ քու ՇԱ՜Տ ԲԱՐՁՐ մակարդակը…
Ներողութի՛ւն, ճիշդ է, հայոց հայրենիքը դուն եւ (չ)անմահներդ կրտեր էք արդէն՝ փակելով Մ. Կ. Հ.ը: Եթէ հայոց լեզուն մեր հայրենիքն է, իսկ Մ. Կ. Հ.ն այդ լեզուի անառիկ ամրոցներէն էր (ի հեճուկս քեզի եւ նմաններուդ՝ Է՛ ու այդպէս ալ ՊԻՏԻ ՄՆԱ՛Յ), այդ կրթարանը գոցելով ԿՐՏԱԾ եղաք հայոց հայրենիքը:
Նախ հայացի՛ր, Սեդրակեա՛ն, հայո՛ւ պէս մտածէ, հայո՛ւ պէս խօսէ, յետոյ մեծ մեծ բաներու մասին խօսէ՛:
Ողբա՜մ զձեզ, Հ. Բ. Ը. Մ.ի հայերէնապաշտ հանգուցեալ անդամներ եւ բարերարներ, ողբա՜մ զքեզ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ըլլալու կոչուած, բայց այդպիսին ըլլալէն շուրջ քառորդ դարէ ի վեր դուրս եկած միութիւն…
Առանց որեւէ յարգանքի՝
Հ. Բ. Ը. Մ.ի կրկնակի վեթերան, վերջին 15 տարիներուն այդ կառոյցին մէջ իր անդամութեան վիճակին մասին ամբողջովին անտեղեակ, պատմաբան Գէորգ Եազըճեան
Երեւան, 3 Դեկտեմբեր 2016
Յ. Գ. Սեդրակեա՛ն, լաւ կ’ըլլար որ հայերէնի մասին այդքա՜ն սրտաճմլիկ (այս բառին իմաստը հասկնալու համար դիմէ՛ բառարանին կամ … հայերէն գիտցողի մը) բառեր շպրտողդ մէյ մը աչքերը դարձնէր Հ. Հ.ի կեդրոն Երեւանի կեդրոն Հանրապետութեան Հրապարակի անմիջական դրացնութեամբ կառուցուած Հ. Բ. Ը. Մ.ի կեդրոնին մէջի գրութիւններուն: Ամենահզօր լուսարձակով իսկ հոն հայերէնի, այսինքն՝ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ եւ Հ. Հ.ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԻԱԿ ԼԵԶՈՒի հետքեր չէք կրնար գտնել: Այդպիսիք չկա՛ն պարզապէս: Այդ կեդրոնի նոյնիսկ պէտքարաններուն ԲՈԼՈՐ ցուցանակները ու զանոնք մաքրողներուն վերաբերող արձանագրութեանց ԲՈԼՈՐ թուղթերը ՄԻԱՅՆ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԵՆ: Եւ դեռ կը համարձակիս հայերէնի մասի՞ն խօսիլ, Սեդրակեա՛ն…